ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

le 12 décembre 2025

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը շարունակէ խոր մտահոգութեամբ հետեւիլ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնէն ներս եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, որոնք վստահաբար կը յուզեն իւրաքանչիւր հայու հոգին, անկախ դաւանանքային պատկանելիութենէն:

Աներկբայ է, որ ներկայ ճգնաժամի գլխաւոր դրդապատճառը քաղաքական է եւ սկիզբ առաւ այն պահէն, երբ Գարեգին Բ. կաթողիկոս միացաւ վարչապետի հրաժարականի պահանջին։ Աւելին, ընդդիմութեան նախաձեռնած իշխանափոխութեան քանի մը ձախող փորձերէ յետոյ, Մայր Աթոռի որոշ բարձրաստիճան կղերականներ փաստօրէն վերցուցին այդ գործընթացի առաջնորդութիւնը, այդպիսով եկեղեցին ներքաշելով քաղաքական պայքարի յորձանուտ: Անշուշտ, անոնք նման քայլի չէին կրնար դիմել առանց Էջմիածնի գահակալին անմիջական համաձայնութեան եւ օրհնութեան:

Այդ ընթացքին, Մայր Աթոռի շարք մը հոգեւորականներու մասին սկսան ի յայտ գալ տարատեսակ բացայայտումներ եւ խախտումներ, որոնք առ այսօր չեն արժանացած Մայր Աթոռի յստակ և համոզիչ հաստատումին, հերքումին կամ պատշաճ տնօրինութեան: Այս ամէնը մեզ կը մղեն մտածելու, որ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի վարչական համակարգէն ներս կը տիրէ նախորդ իշխանութիւններու գործելաոճին համահունչ իրողութիւն մը, ուր բացակայ է թափանցիկ հաշուետւութիւնը և առկայ են օրէնքներու շրջանցումն ու անձնական նախասիրութիւններու կիրառումը։

Հայ Առաքելական Եկեղեցին ազգային կառոյց է և որպէս մեր ազգի հոգեւոր պատկեր, ընդունելի չէ, որ անոր երկնակամարը ծածկուած ըլլայ կասկածի եւ առեղծուածի սեւ ամպերով: Մենք տասնամեակներ շարունակ պայքարած ենք Մայր Աթոռի գերակայութիւնը պաշտպանելու համար և մեծ ցաւ է մեզի համար տեսնել Եկեղեցիին շուրջ տեղի ունեցող այս անհաճոյ զարգացումները։

Սբ. Էջմիածնի հոգեւոր-վարչական կառոյցը արմատական վերանայման կարիքն ունի եւ այդ առումով մենք կ'ողջունենք տիրող իրավիճակէն դուրս գալու նպատակով խումբ մը եպիսկոպոսներու կողմէ վերջերս հրապարակուած յայտարարութիւնը և կը միանանք կաթողիկոսին ուղղուած անոնց յորդորին։

Հայ Առաքելական Եկեղեցին ինքնամաքրման և բարենորոգման հրամայականին առջեւ է այսօր։

Ս, Դ, Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
Դեկտեմբեր 9, 2025

Télécharger le communiqué

Haut de page